image

«Իմ Քայլը»ի փակ ժողովին քննարկուած է Ամուլսարի հարցը

«Իմ Քայլը»ի փակ ժողովին քննարկուած է Ամուլսարի հարցը

Երէկ տեղի ունեցած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան հանդիպումը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ քննարկման ձեւաչափը ազատ էր, տարբեր հարցեր քննարկած են:

«Քննարկուած են ոստիկանական համակարգի մէջ հնարաւոր ձեւափոխումը, ինչ հայեցակարգ կ'ուզենք տեսնել, եւ ինչպէս անոնք մշակել: Խօսքը համապարփակ ձեւափոխման մասին է, որովհետեւ անհրաժեշտութիւն կայ, որ ոստիկանութեան համակարգին մէջ իրականացուին որոշակի բարեփոխումներ` սկսած օրէնսդրական նախաձեռնութիւններէն մինչեւ ամենաթեխնիքական հատուածը»,-ըսած է ան:

Լիլիթ Մակունցը նշած է, որ խօսուած է նաեւ Ամուլսարի հանքի շահագործման մասին եւ վերահաստատուած է այն ուղին, որով կը պատրաստուին ընթանալ: «Չկայ ընդհանրապէս հանք ունենալու կամ չունենալու խնդիր դրուած, խնդիրը դրուած է առարկայական կերպով հասնիլ ճիշդ ճանապարհին»,-ըսած է ան: Հարցին, թէ վարչապետը գոհ էր խմբակցութեան աշխատանքէն, ան ըսած է` կարծես, այո: