image
Հրատապ լուրեր:

Մարտական ծառայութեան մետայլ, նահատակ ՝ Մուշեղ Աբովեանին

Մարտական ծառայութեան մետայլ, նահատակ ՝ Մուշեղ Աբովեանին

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը 4 հոկտեմբերին հրամանագիր ստորագրած է՝ աւագ սերժանթ Մուշեղ Աբովեանին յետմահու Մարտական ծառայութեան մետալով պարգեւատրելու մասին:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնբրես»-ը՝ վկայակոչելով ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքը, հրամանագրին մէջ նշուած է. «Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ ցուցաբերած անձնուիրութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան թիւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, աւագ սերժանթ Մուշեղ Ժիրայրի Աբովեանին յետմահու պարգեւատրել Մարտական ծառայութեան մետալով»:

Պայմանագրային զինծառայող Մուշեղ Ժիրայրի Աբովեանը զոհուած է Տաւուշի մէջ հակառակորդի կրակէն 3 հոկտեմբերին։