image

Հայաստանի մէջ՝ մարդահամար

Հայաստանի մէջ՝ մարդահամար

3 Հոկտեմբերին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է 2020 թուականի հերթական մարդահամար կատարելու նպատակով նախապատրաստական աշխատանքներուն աջակցող համապետական յանձնաժողովի նիստը: Յանձնաժողովը կոչուած է համակարգելու 10 տարին մէկ անգամ մարդահամարի կատարման յանձնառութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ստանձնած է դեռ 1999-ին ընդունուած «Մարդահամարի մասին» ՀՀ օրէնքով:

Փոխվարչապետը նշած է, որ մարդահամարը շատ կարեւոր է, քանի որ հաւաքագրուած եւ վերլուծուած տուեալները հիմք պիտի դառնան ոչ միայն ժողովրդագրութեան քաղաքականութեան մշակման, այլեւ ընտրական գործընթացներու կազմակերպման, ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան ռազմավարական ծրագրման համար: Ըստ այդմ, պէտք է գործադրուին բոլոր ջանքերը՝ ապահովելու մարդահամարի կատարման բարձր որակը եւ հաւաքագրուող տեղեկատւութեան ճշգրտութիւնը։

Տիգրան Աւինեանը ըսած է, որ կարեւոր է ոչ միայն մարդահամարի արդիւնքը, այլեւ գործընթացը, քանի որ այն հիանալի վարժութիւն է՝ առաջին հերթին բացայայտելու պետական գերատեսչութիւններու հետազօտական կարողութիւններուն մէջ առկայ բացերը, ինչպէս նաեւ զարգացնելու անոնք։

Նիստի ընթացքին փոխվարչապետը յայտարարած է, որ մշակուած մեթոտաբանութիւնը եւ անոր արհեստագիտական լուծումները փորձարկելու նպատակով պիտի իրականացուին փորձնական մարդահամար Շիրակի մարզի Արթիկի համայնքի եւ Կոտայքի մարզի Արամուսի, Ակունքի, Կամարիսի եւ Մայակովսկիի համայնքներուն մէջ։

Տիգրան Աւինեանը Վիճակագրական կոմիտէի նախագահին յանձնարարած է անձնական հսկողութեան տակ պահել փորձնական մարդահամարի որակեալ կատարումը եւ արդիւնքներու մասին ներկայացնել տեղեկատւութիւն: