image

Լաւրով գոհ չէ Փաշինեանի Ստեփանակերտեան յայտարարութենէն

Լաւրով գոհ չէ Փաշինեանի Ստեփանակերտեան յայտարարութենէն

Սոչիի  մէջ ընթացող «Վալտայ» համաժողովի  ընթացքին  ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին խօսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը եւ շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է:

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտարարած է, մասնաւորապէս, թէ երկխօսութիւնն այսօր, ըստ էութեան, դեռ չէ վերսկսած, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգներ չկան, գոնէ Լաւրովն այդպիսիք չի տեսներ:

Ռուսաստանը, որ, արտաքին գործոց նախարարի խօսքով, Ղարաբաղի հարցով տարաձայնութիւններ չունի Մինսքի խումբի համանախագահ միւս երկիրներու՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, ամէն ինչ կ'ընէ, որպէսզի ռազմական գործողութիւններ Ղարաբաղի մէջ տեղի չունենան:

«Վերջին շրջանին իրավիճակը շփման գիծին բաւական հանգիստ է, միջադէպերը քիչ են եւ անոնք շատ խոշոր չեն», - ըսած է Լաւրովը՝ միաժամանակ յայտարարելով, որ յառաջխաղացում ալ բանակցութիւններուն մէջ չկայ:

«Կրնամ ըսել, որ ներկայիս իրավիճակը աւելի հանգիստ է, քան մէկ տարի առաջ, սակայն քաղաքական գործընթացը արգելակուած է, եւ չի յաջողուիր այն հանել այդ վիճակէն», - ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Սերկէյ Լաւրովը նաեւ բողոքած է, որ կողմերը լուրջ յայտարարութիւններ կ'ընեն, որոնք չեն նպաստեր քաղաքական գործընթացի համար բարենպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման: Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յիշատակած է, մասնաւորապէս, «Արցախը Հայաստան է» Փաշինեանի յայտնի յայտարարութիւնը:

«Կողմերը յայտարարութիւններ կ'ընեն, բաւականին լուրջ, որոնց շարքին հնչած են բառեր, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է», ինչպէս Թիրանայէն Ալպանիոյ վարչապետը յայտարարած էր՝ «Քոսովոն Ալպանիա է»: Նման յայտարարութիւններն, ի հարկէ, չեն նպաստեր  քաղաքական գործընթացը վերսկսելու համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման», - Սոչիի մէջ ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ի դէպ, Քոսովոյի անկախութիւնը Սերպիայէն ի վերջոյ ճանչցած են գրեթէ բոլոր արեւմտեան երկիրները: