image

Սինկափուրի վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Սինկափուրի վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրւէրով պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Սինկափուրի վարչապետ Լի Սյէն Լունն այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ 29 Սեպտեմբերին Սինկափուրի վարչապետը ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակի մօտ։

Լի Սյէն Լուն այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր գրառում կատարած է յուշամատեանին մէջ։

«Հայ ժողովուրդը մեծ կամքի ուժ եւ խիզախութիւն ցուցաբերած է 1915թ. ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք։ Կը ցանկամ ձեզ յաւերժ վայելել խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ ներդաշնակութիւն»,- գրած է վարչապետը։


 

Սինկափուրի վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելած էր տիկնոջ հետ։ Անոնց ուղեկցած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնցը։