image

Աշխարհի մէջ Եզիտիներու ամենամեծ տաճարը բացուեցաւ Հայաստանի մէջ

Աշխարհի մէջ Եզիտիներու ամենամեծ  տաճարը բացուեցաւ Հայաստանի մէջ

Երէկ Հայաստանի Ակնալիճ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է եզիտիական տաճարի (Quba heft merê dîwanê u Tawûsê Melek) բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Կոթողը կառուցուած է ռուսաստանաբնակ եզիտի բարերարներու եւ եզիտիական համայնքի ջանքերով եւ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի աշխարհի տարբեր ծայրերը ապրող եզիտիներու համար: Այն աշխարհի ամենամեծ եզիտիական սրբավայրն է:

Եզիտիական տաճարի բացման ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՀ ԱԺ խօսնակ Արարատ Միրզոյեանը, պաշտօնատար անձինք։

«Խորհրդանշական եւ տրամաբանական կը համարեմ, որ աշխարհի մէջ ամենամեծ եզիտիական տաճարը կը գտնուի Հայաստանի մէջ։ Հայաստանը տուն է եզիտի ժողովուրդի համար։ Եզիտի ժողովուրդի զաւակները իրենց հայ եղբայրներու կողքին եղած են բազմաթիւ օրհասական եւ հերոսական պահերու։ Ցաւօք, իրենց նորագոյն պատմութեան ընթացքին հայերու պէս եզիտիներն ալ զոհ դարձած են ցեղասպան քաղաքականութեան։

Պատահական չէ, որ այսօր եզիտիական տաճարի մօտ եզիտիական ազգային հերոսներու կողքին կանգնած են նաեւ Կոմիտասի ու Անդրանիկի արձանները եւ հայ֊եզիտիական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանը:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ եզիտի ժողովուրդը իրենց համար նշանակալի այս օրուան կապակցութեամբ»,- ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Արարատ Միրզոյեանը։