image

«Այլասերութիւնը պէտք է դատապարտուի...» Տ. Պարգեւ արք.ը դէմ է «Իսթանպուլեան պայմանադրութեան»

«Այլասերութիւնը պէտք է դատապարտուի...» Տ. Պարգեւ արք.ը դէմ է «Իսթանպուլեան պայմանադրութեան»

Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը   կտրականապէս դէմ է  «Իսթանպուլեան  պայմանադրութեան»:

Ան  այս մասին տեսակէտ յայտնած է խօսելով «Յենարան»  կայքին  եւ ըսած ՝

«Իմ կարծիքով, եթէ ազգը կը կամենայ մարտահրաւէրներուն դիմակայել, պէտք է ազգային աւանդական արժէքները շատ ամուր պահէ, այլապէս ամբողջական ազատականութիւնը ամէն ինչ պիտի ոչնչացնէ։ Եթէ  այս պայմանադրութիւնը ընդունինք, ապա մենք պիտի դառնանք աշխարհաքաղաքացի։ Պիտի այնպէս ըլլայ, որ 2000 տարի եւ աւելի մենք ի զուր տեղը արիւն թափած ենք եւ մեր ինքնութիւնը պահպանած»:

Սրբազան  հայրը նաեւ ըսած  է, թէ նման խնդիրներու առընթեր  մարդ զգոյշ  պէտք է ըլլայ եւ յաւելած՝  «Երբ մարդ բան մը կ՝ընդունի, պէտք է շատ յստակ գիտակցի ատիկա իրեն օգտակա՞ր է, թէ՞ վնասակար։ Ատոր համար ամէն ինչին պէտք է շատ զգոյշ մօտենալ, խոր կերպով վերլուծել, ապա որոշում կայացնել։ Մեզի կրնան շատ բան հրամցնել, փաթթել։ Մենք կրնանք տողատակերը չտեսնել, իսկ վաղը ատոնք կրնան դառնալ չպայթած ականներ։ Շատ զգոյշ պէտք է մօտենալ։ Ցանկացած հաւատքի, կրօնի տեսանկիւնէն՝ այլասերութիւնը պէտք է դատապարտուի։ Եթէ մենք մեզ կը համարենք ազգային պետականութիւն, քրիստոնեայ երկիր՝ պէտք է շատ խոհեմ ըլլանք, այլապէս պիտի զրկուինք Աստուծոյ օրհնութենէն՝ դառնալով օտարներու աւարը»: