image

ԵԱՀԿ դիտարկում պիտի իրականացուի շփման գիծի՝ Օմարի լեռնանցքին

ԵԱՀԿ դիտարկում պիտի իրականացուի շփման գիծի՝ Օմարի լեռնանցքին

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն 21 օգոստոսին, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում պիտի կայացնէ Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին՝ Օմարի լեռնանցքին մէջ:

Արցախի ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիկը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Պեթրիկան (Մոլտովա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմըն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա):

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկում պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուսթըրը (Գերմանիա):

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման կայացման եւ ապահովել ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը։