image

Ցնցիչ սպանութիւն Պուշկինօ գիւղին մէջ. Սպաննելէ ետք, դին այրած են

Ցնցիչ սպանութիւն Պուշկինօ  գիւղին մէջ. Սպաննելէ ետք, դին այրած են

Ոստիկանութիւնը ձեռնարկելով հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ, 18 օգոստոսին, պարզած է Լոռի մարզի մէջ տեղի ունեցած զարհուրելի սպանութեան մանրամասնութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:

Սպանութեան կասկածանքով ձերբակալուած է Լոռիի մարզի Գեարգեառ գիւղի բնակիչ, 20 տարեկան  Արէն Մ.-ն:

Նախնական եզրակացութեան համաձայն դիակի վրայ յայտնաբերուած են դանակի բազմաթիւ հարուածներու հետքեր:

Ըստ տեղեկութիւններուն, Արէն Մ.-ն սպանութիւնը  կատարելէն ետք, հետքերը վերացնելու նպատակով այրած է տունը:  Դէպքի վայր ժամանած հրշէջները, կրակը մարելէն յետոյ յայտնաբերած են կիսամոխրացած դիակը:

Յիշենք, որ 17 օգոստոսին, Ժամը 23:10-ին  Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Լոռի մարզի Պուշկինօ համայնքի մէջ տուն մը կ'այրի:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ մահացածը Վանաձոր քաղաքի բնակիչ, 42 տարեկան Ժիրայր Պասմաճեանն է, որ կ'աշխատի Լոռիի մարզպետարանին մէջ: