image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան «Իսթանպուլի գոնվէնցիա»ի հարցով խոստումներ տուած է Մաքրոնին. «Հրապարակ»

Փաշինեան  «Իսթանպուլի գոնվէնցիա»ի հարցով  խոստումներ տուած է  Մաքրոնին. «Հրապարակ»

«Մենք գրած էինք, որ Իսթանպուլի պայմանագրի վաւերացման հարցով Հայաստանի իշխանութիւններու շահագրգռուածութիւնը պայմանաւորուած է ոչ միայն ԵՄ-է  տրամադրուելիք քանի մը միլիոն եւրօ դրամաշնորհով, այլեւ  անով, որ վարչապետ Փաշինեանը եւրոպական երկիրներուն խոստացած է, որ մինչեւ տարեվերջ Հայաստանը կը վաւերացնէ պայմանագիրը:

Կառավարական շրջանակներու մէջ կը խօսուի, որ խօսակցութիւնը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ՝ էմանուէլ Մաքրոնի հետ՝ Հայաստան կատարած անոր այցի ընթացքին: Նիկոլ Փաշինեանը վստահեցուցած է, որ Իսթանպուլի պայմանագրի  հարցով  խոչընդոտ պիտի չըլլայ: Մաքրոնի շահագրգռուածութիւնն ալ պայմանաւորուած է անով, որ 2019 թ. մայիս-նոյեմբեր ամիսներուն Եւրոպայի խորհրդի նախագահութիւնը ստանձնած է Ֆրանսան, որ իր առաջնահերթութիւններու մէջ յատուկ կարեւորած է Իսթանպուլի պայմանագրի առաջմղումը, մինչդեռ անցած ամիսներու ընթացքին պայմանագիրը  չստորագրած որեւէ պետութիւն զայն չէ ստորագրած, իսկ ստորագրած որեւէ պետութիւն չէ վաւերացուցած:

Սակայն, չնայած ՀՀ վարչապետի խոստումին, պայմանագրի վաւերացումը հարցականի տակ է: Մէկ կողմէ՝ խնդիրը Սահմանադրական դատարանն է, որու կազմը փոխել չի յաջողիր, միւս կողմէ ալ՝ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներու մէկ մասը յայտարարած է, որ դէմ պիտի քուէարկէ պայմանագրին»,-գրած է «Հրապարակ» թերթը: