image

Ամուլսարի շահագործման դէմ բողոքի հաւաք եւ երթ

Ամուլսարի  շահագործման դէմ բողոքի հաւաք եւ երթ

Ջերմուկի մէջ, ի պաշտպանութիւն Ամուլսարի, բողոքի հաւաք ու երթ տեղի ունեցած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայկական բնապահպանական ճակատ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը:

Հաւաքուած ժողովուրդը  ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է, որ Քննչական կոմիտէի մամուլի ասուլիսէն  յետոյ,  բնակչութեան մէջ անորոշ վիճակ եւ լարուածութիւն առաջացած է: Բոլորը պահանջած են մարզպետի հետ հանդիպում:

Յիշեցնենք, որ Քննչական կոմիտէն հրապարակած է Ամուլսարի ոսկեբեր հանքավայրի շահագործման հետ կապուած փորձաքննութեան արդիւնքները, որոնք  կատարուած են Advanced Resources Development (ELARD) ընկերութեան կողմէ: Այդ արդիւնքներու համաձայն նշուած են 16 կէտ, որոնց պահպանմամբ,  բնապահպանական վտանգները կը դառնան կառավարելի:

«Ջերմուկ քաղաքի բնակչութիւնն ու ամբողջ խելամիտ հայութիւնը Ամուլսարի հարցով իր որոշումը կայացուցած է, ու որեւէ փորձաքննութիւն չազդեր մեր որոշման վրայ: Մեր որոշումը անփոփոխ է, Ամուլսարը սար կը մնայ»,- յայտարարած է Ջերմուկի բնակիչներէն Շիրակ Պունիաթեանը:

Ըստ բողոքի մասնակիցներուն՝ փորձաքննութիւն կատարող ընկերութիւնը լիբանանեան է, ոսկիի հանքերու հետ աշխատելու փորձ չունի: