image

Տաւուշի մէջ վիրաւորուած զինուորը Երեւան տեղափոխուած է

Տաւուշի    մէջ վիրաւորուած  զինուորը   Երեւան  տեղափոխուած է

13 օգոստոսին, հակառակորդի կողմէ  արձակուած կրակոցէն  հրազէնային վիրաւորում ստացած է Գեղարքունիքի մարզի զինծառայող։ Այս մասին յայտնած է  ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան  մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Ըստ Shamshyan.com-ի, ժամը 23։50-ի շուրջ,  Ճամբարակի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է  37-ամեայ Արտակ Օ.-ն։ Աղբիւրը նշած է թէ վերջինս, մարտական հերթապահութիւն կ'իրականացնէ, երբ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն  ստացած է «որովայնի վերջին յարկի միջանցիկ գնդակային վիրաւորում»:

Հայաստանի քննչական կոմիտեի 5-րդ կայազորային քննչական բաժնի մէջ յարուցուած է քրէական գործ։ Աղբիւրը  տեղեկացուցած է թէ Արտակ Օ.-ն պայմանագրային զինծառայող է։