image

Չեմ բացառեր մասնակցութիւնս յառաջիկայ ընտրական գործընթացներուն.Մասիս Մայիլեան

Չեմ  բացառեր մասնակցութիւնս   յառաջիկայ  ընտրական գործընթացներուն.Մասիս Մայիլեան

Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Մասիս Մայիլեան իր ֆէյսբուքեան էջին մէջ գրելով տեղեկացուցած է, որ կը հետեւի ներարցախեան քաղաքական զարգացումներուն եւ չի բացառեր իր մասնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն։

«Հնարաւորինս կը հետեւիմ  ներարցախեան քաղաքական զարգացումներուն  եւ յառաջիկայ  ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման համակարգի) ու համապետական ընտրութիւններու հետ կապուած իրավիճակին։ Կը գտնեմ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է օրինակելի ընտրութիւններու կայացման  համար, եւ  պատրաստ եմ ամէն ինչով նպաստել այդ ընտրություններու շուրջ դիւանագիտական առաւել բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծմանը։

Նաեւ չեմ կրնար անտեսել համապետական ընտրութիւններուն իմ մասնակցութեան ձեւաչափի մասին, այն բազմաթիւ հարցերն ու հարցումները Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն ու Սփիւռքէն։ Անգամ մը եւս հաւաստելով մեր երկրի անվտանգ, ապահով, քաղաքակիրթ ու ժողովրդավարական լաւագոյն ապագայի հանդէպ իմ խիստ շահագրգռուած ըլլալը  եւ այդ ապագայի կերտման գործին  աւելի մեծ պատասխանատուութիւն  ստանձնելու իմ սկզբունքային պատրաստակամութիւնը, կ'ուզեմ տեղեկացնել, որ կը մտածեմ այդ ուղղութեամբ, պարբերաբար կը հետեւիմ հասարակական կարծիքի դրսեւորումներուն, մարդկանց իղձերուն ու տրամադրութիւններուն եւ պիտի ձգտիմ առաւելագոյնս օգտակար ըլլալ այդ իղձերու  իրականացմանը:

Ուստի եւ ըստ էութեան չեմ բացառեր իմ գործօն մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն»։