image

Լիբանանէն մինչեւ Թայլանտ եւ Պրազիլ. 190 սփիւռքահայ երիտասարդներ Հայաստան կ՚այցելեն

Լիբանանէն մինչեւ Թայլանտ եւ Պրազիլ. 190 սփիւռքահայ երիտասարդներ Հայաստան կ՚այցելեն

Ծաղկաձորի մէջ 12 Օգոստոսին սկսաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն» ծրագրի 2-րդ հանգրուանը: Այս անգամ 28 երկիրներէ Հայաստան ժամանած են շուրջ 190 սփիւռքահայ պատանիներ, մինչեւ իսկ Թայլանտէն, Մոնթենեկրոյէն, Քաթարէն ու Պրազիլէն:

Ողջունելով մասնակիցներուն՝ Զարեհ Սինանեանը նշած է.

«Բարի եկած էք ձեր տուն: Այս 2 շաբաթներու ընթացքին պիտի այցելէք Հայաստանի տեսարժան վայրերը, բացայայտէք  հայրենիքը, սակայն ամենակարեւորը, որ դուք ընկերական կապեր պիտի  հաստատէք, եւ հարստանաք նոր ընկերներով, նոր սիրով պիտի լեցուիք Հայաստանի հանդէպ»:

Ապա պատանիները ներկայացուցած են  իրենց ակնկալիքները. անոնցմէ  մաս մը ցանկացած է աւելի լաւ ճանչնալ հայրենիքը, միւս մասը՝ ընկերներ ունենալ ամբողջ աշխարհէն, միւսները՝ պարզապէս ամրապնդել իրենց գիտելիքները: Ճամբարային 14 օրերու ընթացքին մասնակիցները բացի հայոց լեզուի դասընթացքներէն, պիտի այցելեն նաեւ Հայաստանի կրթական ու նորարարական կեդրոնները, պիտի մասնակցին հետաքրքիր հանդիպումներու, մշակութային ու մարզական միջոցառումներու:

Յիշեցնենք, որ ծրագրի առաջին հանգրուանին մասնակցած էին 200 մասնակից 30 երկիրներէ: