image

Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողը լքած է մարտական դիրքը. այժմ կը գտնուի Ատրպէյճան

Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողը լքած է մարտական դիրքը. այժմ կը գտնուի Ատրպէյճան

Լեռնային Ղարաբաղի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասէն, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մարտական դիրքը լքած է զինծառայող Արայիկ Հայկի Ղազարեանը, այս մասին յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատւութեան, զինծառայող Ղազարեանը կը գտնուի անոնց մօտ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իրենց պաշտպանութեան նախարարութեան, պնդած են, որ զինծառայողին ձերբակալած են Ֆիզուլիի մարտական դիրքի մօտակայքը, եւ որ անոր «դասալքութեան պատճառը եղած է զօրամասին մէջ անմարդկային վերաբերմունքը»:

Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս պահուն այլ մանրամասներ չի յայտներ՝ նշելով, որ դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: