image

Սահմանապահ Կոթի գիւղի մէջ լուսաւորութեան խնդիրը լուծուած է (Լուսանկարներ)

Սահմանապահ Կոթի գիւղի մէջ լուսաւորութեան խնդիրը լուծուած է (Լուսանկարներ)

Շուրջ 38 քմ երկարութեամբ սահմանագիծ ունեցող Կոթիի մէջ լուծուած է փողոցներու արտաքին լուսաւորութեան խնդիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախբրես»ը:

Գործընկեր կառոյցներու՝ ՎիվաՍել-ՄԹՍ-ի եւ  Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի (FPWC) համատեղ ջանքներով լուսաւորուած է հակառակորդի նշանառութեան տակ պարբերաբար յայտնուող ամբողջ թաղամաս մը`  շուրջ 1600 մեթր երկարութեամբ տարածութիւն: Տեղակայուած է 42 LED լուսարձակ: Ստեղծուած է արտաքին լուսաւորութեան ջերմուժ խնայող եւ ամբողջութեամբ նոր ենթակառուցուածք՝ «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի շրջագիծէն ներս։

ՎիվաՍել-ՄԹՍ-էն յայտնած են, որ ծրագրի իրականացնումը կարեւոր էր սահմանապահ գիւղի բնակիչներու անվտանգութեան համար.  Կոթին պարբերաբար թիրախաւորուած է հակառակորդի կողմէ: Բնակիչներու յիշողութեան մէջ դեռ թարմ է վերջին՝ 2018-ի սեպտեմբերին տեղի ունեցած գնդակոծութիւնը, որու հետեւանքով վիրաւորուած էր համագիւղացիներէն մէկը: Լուսաւորուած թաղամասը իւրօրինակ ուղերձ է հակառակորդին. գիւղը կ'ապրի եւ պիտի շարունակէ զարգանալ:

Ծրագրի շրջածիրէն ներս գործակցող կողմերու համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն է համայնքային զարգացումը: Իսկ բնապահպանական եւ ջերմուժ խնայող LED լուսարձակներու շահագործումը արդիւնաւէտ՝ տնտեսապէս: