image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Հայաստան ուղեւորներու աճ կայ

Դէպի Հայաստան ուղեւորներու աճ  կայ

Ընթացիկ տարուան Յուլիս ամսուան ընթացքին ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 371,883 մարդ՝ 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 16,7 տոկոսով:

2019 թուականի Յուլիսին, 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 18,7 տոկոսով: Եթէ 2018 թուականի Յուլիսին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 300,674 ուղեւոր, ապա 2019 թուականի Յուլիսի ցուցանիշը կազմած է 356,934 ուղեւոր:

2019 թուականի Յուլիս ամսուն Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 14,949 մարդ: 2018 թուականի նոյն ամսուան 17,898 ուղեւորահոսքի համեմատ նուազումը կազմած է 16,5 տոկոս:

  Ուղեւորներու թիւը 2018թ. Յուլիսին Ուղեւորներու թիւը 2019թ. Յուլիսին Տարբերութիւնը տոկոսային

 

յարաբերութեամբ

«Զուարթնոց» 300,674 356,934 18,7%
«Շիրակ» 17,898 14,949 -16,5%
Ընդամէնը 318,572 371,883 16,7%

 Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններու ուղեւորահոսքը կազմած է 1,692,494 մարդ, որ 11 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2019 թուականի Յունուար- Յուլիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 7,7 տոկոսով աճ գրանցած են նաեւ թռիչք- վայրէջքները:

 

 «Արմենիա» Միջազգային Օդակայաններ» ՓԲԸ