image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի նախագահը օդակայանինին մէջ դիմաւորեց Վարչապետ Փաշինեանը

Արցախի նախագահը օդակայանինին մէջ դիմաւորեց Վարչապետ Փաշինեանը

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու ծիրէն ներս, 5 օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է Արցախ ժամանած ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի նախագահի տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Յիշեցնենք որ այսօր աւելի ուշ ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ պիտի ունենայ Ստեփանակերտի «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ: