image

Զոդի արկած. Դէպքէն ամիս մը անց կարգ մը վիրաւորներ տակաւին հիւանդանոցն են

Զոդի արկած. Դէպքէն ամիս մը անց կարգ մը վիրաւորներ տակաւին հիւանդանոցն են

6 Յուլիսին տեղի ունեցած Երեւան-Երասխ ճանապարհի ողբերգական վթարի երկու տուժողները՝ Ռուզաննա Յակոբեան եւ Գագիկ Ղուկասեան տակաւին հիւանդանոցն են, անոնց վիճակը միջին ծանր է: NEWS.am-ի հետ  զրոյցի ժամանակ, այս մասին յայտնած է, Երեւանի Ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու հանրապետական գիտական կեդրոն ԲԿի տնօրէն՝ Գէորգ Սիմոնեանը:

Տնօրէնը ըսած է,- « Անորոշ է թէ երբ դուրս  կու գան հիւանդանոցէն, բուժումը դեռ պիտի շարունակուի: Իսկ Գագիկի հոգեկան վիճակը բաւականին մեղմացեր է»:

Նշենք, որ Արարատի մարզի Զոդի կամուրջի վրայ երեք ինքնաշարժներ իրար զարնուած էին: 6 հոգի տեղուոյն վրայ մահացած էին, իսկ 13ը փոխադրուած հիւանդանոց: Վթարէն 4 օր յետոյ մահացած էր  նաեւ 20 տարեկան Ծաղիկ Համբարձումեանը: