image

Մէկ շաբթուան ընթացքին հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է աւելի քան 90 անգամ. Արցախի ՊՆ

Մէկ շաբթուան ընթացքին հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է աւելի քան  90 անգամ. Արցախի ՊՆ

Յուլիս 28-էն օգոստոս 3-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 90 անգամ, որու ընթացքում, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 600 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն պատասխանելէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: