image

Պաթում- Երեւան ճանապարհին շոգեկառքը արկածի ենթարկած է զբօսաշրջիկ մը, որ մահացած է

Պաթում- Երեւան ճանապարհին շոգեկառքը արկածի ենթարկած է զբօսաշրջիկ մը, որ մահացած է

Վրաստանի Պաթում քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող Չաքվի բնակավայրի երկաթուղային կայարանին մէջ, Պաթում-Երեւան ճանապարհին շոքեկառքը արկածի ենթարկած է տղամարդու մը, որ մահացած է, կը տեղեկացնէ  apsny.ge-ն՝ յղում կատարելով երկրի ներքին գործերու նախարարութեան :

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ զոհը 41 տարեկան օտարազգի մըն է: Շտապ օգնութեան աշխատակիցները դէպքի վայր հասնելով հանդերձ, չեն կրցած փրկել տղամարդու կեանքը:

Երկաթուղային փոխադրական կանոնները խախտելու յօդուածով, քրէական գործ յարուցուած է եւ սկսած` hետաքննութիւն: