image

Եռաբլուրի մէջ նահատակներու շիրիմը պղծած անհատը բացայայտուեցաւ (Տեսանիւթ)

Եռաբլուրի մէջ   նահատակներու  շիրիմը պղծած  անհատը    բացայայտուեցաւ (Տեսանիւթ)

ՀՀ ոստիկանութիւնը    անսալով   ՀՀ ոստիկանութեան  պետ Վալերի  Օսիպեանի յանձնարարականին    կատարած է   հետախուզական լայնածաւալ  գործողութիւններ, որու  արդիւնքով  ալ   Աշտարակ  շրջանին  մէջ   յայտնաբերած է    Եռաբլուրի  եւ այլ գերեզմանատուներու  մէջ    շիրիմներու  վրայ  ինչ որ նիւթեր թափող     անհատը։

 Կը նշուի  նաեւ, որ կինը Երեւ անի  բնակիչ է  եւ   51 տարեկան է։ Կինը  նաեւ   խոստովանած է, թէ  ինք  հալած   մոմ կը թափէ      շիրիմներուն  վրայ  նպատակ ունենալով  «մաքրել»  շիրիմները։

 

 Յիշեցնենք, որ  աւելի   վաղ  «Արեւելք» եղածին մասին  լրատւութիւն կատարած էր  յայտնելով, որ  Եռաբլուրի      հերոսներու պանթէոնին մէջ     կարգ մը շիրիմներ պղծուած են։

 Կը  նշուէր նաեւ   պղծուած    շիրիմներէն   շատեր կը պատկանին  Ապրիլեան  քառօրեային   մասնակցած  եւ նահատակուած  շարք մը նահատակներու։

 Ոստիկանութիւնը նաեւ    յայտնած է, որ  դէպքին  վերաբերեալ   կը կատարուի  հետաքննութիւն։

 

Տեսանիւթը ՝  news.am  էն