image

Ռոպերթ Ղուկասեանը վարչապետ Փաշինեանի խորհրդական պիտի դառնայ

Ռոպերթ Ղուկասեանը  վարչապետ  Փաշինեանի  խորհրդական պիտի դառնայ

Վարչապետ Փաշինեան, արձակուրդի գացած ըլլալով հանդերձ, ազատ ժամանակը օգտագործելով՝ այցելած է Գեղարքունիք մարզէն երկու համայնքներ՝ Կալաւան եւ Դպրաբակ:  Կալաւանը վերջին տարիներու ընթացքին վերածուած է զբօսաշրջային կեդրոնի, ուր կ'ընդունին  տարեկան 2 հազար զբօսաշրջիկներ մօտաւորապէս։ 2020-ին կ'ակնկալուի զբօսաշրջիկներու թիւը հասնի 10 հազարի։

Վարչապետը զրուցած է այդ ծրագրի հեղինակ՝ Ռոպերթ Ղուկասեանի հետ, ապա հիւրընկալուած Դպրաբակի բնակիչ՝ Աղաւարտ Վարդանեանի կողմէ:

Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջի մէջ գրած է թէ Կալաւանի Ռոպէրթ Ղուկասեանի հետ պայմանաւորուած է, որ յառաջիկայ 1-2 ամսուայ ընթացքին աւարտելէ ետք իր գործերը, պիտի նշանակուի ՀՀ վարչապետի խորհրդական՝ տարածելու համար Կալաւանի փորձառութիւնը այլ գիւղերու մէջ եւս։