image

Հայաստանի պետական պիւտճէի եկամուտները երեւելի յաւելում գրանցած է

Հայաստանի  պետական  պիւտճէի եկամուտները   երեւելի    յաւելում  գրանցած է

ՀՀ պետական պիւտճէի եկամուտները՝ 2019-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելցած են 25.1%-ով կամ 152 միլիառ դրամով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան Facebook-ի պաշտօնական էջը:

«2019-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ պետական պիւտճէի եկամուտները աւելցած են 25.1%-ով կամ 152 միլիառ դրամով, որուն իբրեւ արդիւնք հնարաւորութիւն ընձեռուած է նախաձեռնելու հետեւեալ խոշոր ծրագրերը՝ Յունիս 1-էն միջինը 10 տոկոսով բարձրացած է զինծառայողներու աշխատավարձը, Սեպտեմբեր 1-էն 10 տոկոսով պիտի բարձրանայ շուրջ 38 հազար ուսուցիչի աշխատավարձը, 2020 Յունուար 1-էն 10 տոկոսով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները, յաւելեալ 7 միլիառ 400 միլիոն պիտի յատկացուի ճանապարհաշինութեան՝ ընդհանուր 303 քմ երկարութեամբ ճանապարհներու վերանորոգման համար, յաւելեալ 10 միլիառ դրամ՝ դրամական օգնութեան ծրագրերով՝ պիտի յատկացուի համայնքներուն՝ համայնքային ծրագրեր իրականացնելու համար, 3 միլառ դրամ պիտի յատկացուի 1988-ի երկրաշարժի հետեւանքով բնակարան կորսնցուցած քաղաքացիներու բնակարանային խնդիրները մէկ ծրագրով լուծելու համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: