image

Այսօր Վարդավառ է` Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը

Այսօր Վարդավառ է` Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը

Այսօր Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնն է, որ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է: «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, համաձայն Աւետարանի, Ս. Պետրոս, Ս. Յակոբոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներու հետ կը բարձրանայ Թաբոր լեռը`աղօթելու: Աղօթքի պահին Յիսուս անոնց առաջեւ կը պայծառակերպուի։

Ս. Յովհան Ոսկեբերանը երեք բացատրութիւն կու տայ, թե ինչու Տիրոջ յայտնուեցան Ս. Մովսէս եւ Ս. Եղիա մարգարեները. երկուքն ալ ունեցած են Աստուծոյ տեսիլքը՝ Մովսէսը` Սինա , իսկ Եղիան` Քորէպ լեռան վրայ: Անոնք խորհրդաբար կը ներկայացնէին կեանքը եւ մահը: Մովսէսը մահացաւ` առանց տեսնելու խոստացուած երկիրը, իսկ Եղիան կենդանի կերպով երկինք վերացաւ հրեղէն կառքով:

Ըստ qahana.am-ի՝ Յիսուսի պայծառակերպութեան ժամանակ Մովսէսի` նախանձայոյզ օրէնսդրի ու Եղիայի` երկինք տեղափոխուած նախանձախնդիր օրինապահի յայտնուիլը կը խորհրդանշէ, որ Քրիստոս է Օրէնսդիրը եւ չի դրժեր Աստուծոյ Ուխտը: Ան է Տէրը երկրի եւ երկինքի, ողջերու ու մեռեալներու, քանզի Մովսէսին մեռելներու մէջէն վեր հանեց, իսկ Եղիային`ողջերուն:

Այս տօնը յայտնի է նաեւ Վարդավառ անունով: Տօնի ժամանակ ժողովրդական սովորոյթներէն է իրար վրայ ջուր ցօղելն ու աղաւնիներ թռցնելը, որոնք կը խորհրդանշեն ջրհեղեղը, Նոյի ընտանիքի փրկութիւնը, Նոյի աղաւնին: Սովորութիւն է նաեւ ծաղիկներով զարդարուիլը, ինչը Աստուածորդու փառքի երեւման առթիւ մեծ ուրախութեան արտայայտութիւն է:

«Վարդավառ» ժողովրդական անուանումը, հաւանաբար, կու գայ վարդաջուր լեցնելու սովորութենէն: 


Ս. Գրիգոր Տաթեւացին տօնի «Վարդավառ» անունը կը բացատրէ Յիսուսին վարդի հետ համեմատելով. ինչպէս վարդը մինչեւ բացուիլը թաքնուած է իր պատեանի մէջ եւ բացուելով` կ'երեւայ բոլորին, այնպէս ալ Յիսուս մինչեւ այլակերպութիւնը Իր մէջ կը կրէր աստուածային էութիւնը եւ պայծառակերպուելով` յայտնեց իր Աստուածութիւնը:

Վարդավառի տօնին կը նախորդէ շաբաթապահք: Իսկ յաջորդ օրը, ինչպէս տաղաւար բոլոր տօներէն ետք, Մեռելոց է. բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ննջեցեալներու հոգիներուն համար կը մատուցուի Ս. Պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգիստ:

Նշենք, որ երկուշաբթի օր աշխատանքային է, քանի որ Կառավարութիւնը որոշում չէ կայացուցած այն ոչ աշխատանքային դարձնելու վերաբերեալ։