image

Երեւանի մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի 42-ի

Երեւանի մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի 42-ի

Յուլիս 21-23-ին Իրաքի տարածքէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցման պատճառով օդի ջերմաստիճանը Երեւանի, Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերուն, Սիւնիքի հովտային գօտիին մէջ ցերեկուան ժամերուն ( ժամը 16:00-18:00) պիտի հասնի +40․․․+42 աստիճանի: Այս մասին facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ ԱԻՆ օդերեւութաբանական ծառայութեան պետ Գագիկ Սուրէնեան:

«Տեղումներու բացակայութեան եւ սպասուող բարձր ջերմաստիճանին պատճառով  յառաջիկայ 5 օրերուն հանրապետութեան հովտային եւ նախալեռնային գօտիին մէջ կը ստեղծուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ»,-գրած է ան: