image
Հրատապ լուրեր:

Կրակոցներ Սիւնիքի մէջ. Վիրաւորուածները երկու եղբայրներ են

Կրակոցներ Սիւնիքի մէջ. Վիրաւորուածները երկու եղբայրներ են

13 յուլիսին, Սիւնիքի մարզի մէջ, լսուած են կրակոցներ: Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը։

Մօտաւորապէս Ժամը 19:00ին, Գորիսի ոստիկանութեան բաժինը ահազանգ ստանացած է Գորիսի բժշկական կեդրոնէն, որ հիւանդանոց հասած են հրազէնային վիրաւորում ստացած երկու քաղաքացիներ:

Ոստիկանները պարզած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուածները Խնձորեսկ գիւղի բնակիչներ՝ 29 տարեկան Աշոտ Աւանեանն ու 24 տարեկան Թեւոս Աւանեանն են:

Ըստ Աղբիւրին վիրաւորներ՝ Ա. եւ Թ Աւանեանները եղբայրներ են:

Առայժմ վիրաւորները ի վիճակի չեն տեղեկութիւններ տալու կատարուածի մասին: 

Փաստի առթիւ Գորիսի քննչական բաժնի մէջ յարուցուած է քրէական գործ։

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը ձեռնարկած են անհրաժեշտ գործնական հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ՝ դէպքի հանգամանքները պարզելու, կատարողը կամ կատարողները յայտնաբերելու ուղղութեամբ: