image

Այս շաբաթ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 800 կրակոց

Այս շաբաթ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 800 կրակոց

Յուլիս 7-էն 13ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 90 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 800 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը խստօրէն կը հետեւին հրադադարի ռեժիմի պահպանման եւ կը շարունակեն վստահօրէ իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: