image
Հրատապ լուրեր:

Ընտրուեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նոր վարչութիւնը

Ընտրուեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նոր վարչութիւնը

Երէկ տեղի ունեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համաժողովը, որու ժամանակ փակ վարկանիշային քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ կուսակցութեան վարչութեան նոր կազմը:

Նշենք, որ առաջադրուած էր 51 թեկնածու, որոնցմէ առաւել ձայն հաւաքած 21-ը ընտրուած են վարչութէան անդամներ:

Կուսակցութեան հաշուիչ յանձնաժողովը նշեց, որ քուէարկութեան արդիւնքով «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նոր վարչութեան կազմը պիտի ըլլայ հետեւեալը.

1 –Նիկոլ Փաշինեան

2 –Սուրէն Պապիկեան

3 –Արայիկ Յարութիւնեան

4 –Արարատ Միրզոյեան

5 –Յակոբ Արշակեան

6 –Վիլէն Գաբրիէլեան

7 –Ռոմանոս Պետրոսեան

8 –Յակոբ Սիմիտեան

9 –Տիգրան Աւինեան

10 –Ռուբէն Ռուբինեան

11 –Արսէն Թորոսեան

12 –Սիփան Փաշինեան

13 –Նարեկ Բաբայեան 

14 –Լիլիթ Մակունց

15 –Արման Բոշեան

16 –Մխիթար Հայրապետեան

17 –Վահագն Յովակիմեան

18 –Ալեն Սիմոնեան

19 –Արմէն Փամբուխչեան

20 –Արփինէ Դաւոյեան 

21 –Էտուարտ Աղաճանեան:

 

Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարց վարչութեան անդրանիկ նիստի աւարտը, որու ընթացքին ՔՊ վարչութեան նախագահի պաշտօնին առաջադրուած է Սուրէն Պապիկեանը: Պատուիրակները կողմ քուէարկած են Պապիկեանի թեկնածութեան, եւ ան 0 դէմ, 1 ձեռնպահ քուէներով ընտրուած է վարչութեան նախագահ: Նշուած է նաեւ, որ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած են Նիկոլ Փաշինեանի ու Արարատ Միրզոյեանի թեկնածութիւնները, սակայն անոնք հրաժարած են:

Իր խօսքին մէջ Սուրէն Պապիկեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան համար:

Ան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ իր իւրաքանչիւր գործընկեր արժանի էր այս դերին: «Ինձ համար մեծ պատիւ է ստանալ նման մեծաքանակ քուէներ»,-նշած է ան:

Պապիկեանը չցանկացաւ անդրադառնալ վարչութեան կազմին մէջ Սասուն Միքայէլեանի չընդգրկուելուն: