image

Վարչապետը ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօէրն Զաւէն Խանճեանը

Վարչապետը ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօէրն Զաւէն Խանճեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան  գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը: Ինչպէս  յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպման մասնակցած է նաեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր նորանշանակ յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը:

Վարչապետը բարձր գնահատած է ընկերակցութեան գործունէութիւնը ԱՄՆ հայութեան շրջանին եւ Հայաստանի մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ծրագիրները պիտի շարունակեն ընդլայուիլ ու զարգանալ:

Զաւէն Խանճեանը նշած է, որ ընկերակցութիւնը կ'աշխատի նոր թափ հաղորդել հայրենիքի մէջ տնտեսական, ընկերային, կրթական ծրագիրներուն եւ աւելցուցած, որ ոգեւորուած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներով՝ պատրաստ են բազմապատկել ուժերը՝ ի նպաստ հայապահպանութեան եւ Հայաստանի զարգացման: Պարոն Խանճեանը ողջունած է Զարեհ Սինանեանը Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար նշանակելու վարչապետի որոշումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան իր գործունէութեամբ էապէս պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Հանդիպման ընթացքին Զաւէն Խանճեանը վարչապետին ներկայացուցած է ընկերակցութեան գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները: