image

Մեծ հրդեհ Հաղբատի վանքին մէջ. Կան մեծ վնասներ (Տեսանիւթ)

Մեծ հրդեհ Հաղբատի վանքին մէջ. Կան մեծ վնասներ (Տեսանիւթ)

8 Յունիսին՝ ժամը 19։01-ին, «911» ծառայութիւնը ահազանգ ստացած է, որ հրդեհ բռնկած է Լոռիի մարզի Հաղբատի վանական համալիրին մէջ. անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն յայտնած են, որ դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն չորս մարտական հաշուարկ:

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 21:00-ին:

Shamshyan.com-ը կը յայտնէ, որ Արտակարգ իրավիճակներու փրկարար-ծառայութեան Լոռիի մարզային փրկարարական վարչութեան Օձունի եւ Թումանեանի հրշէջ-փրկարարական ջոկատները՝ 4 մարտական հաշուարկով, քաղաքացիներու օգնութեամբ պայքարած են Լոռիի մարզի Թումանեանի տարածաշրջանի Հաղբատ գիւղի Հաղբատավանքի վանատան մէջ առաջացած հրդեհի տարածման դէմ:

Մօտ երկու ժամ տեւած հրդեհաշիջման աշխատանքներու շնորհիւ յաջողած են չէզոքացնել հրդեհի տարածումը, սակայն շէնքը այրած է: