image

Թատերական հիմնարկէն ներս ծագած վէճը կրնայ շարունակուիլ. Արզումանեան նախարարէն «կանաչ լոյս» կը սպասէ

Թատերական հիմնարկէն   ներս  ծագած վէճը կրնայ շարունակուիլ. Արզումանեան նախարարէն «կանաչ լոյս» կը սպասէ

Ես չեմ պատրաստուիր հրաժարական տալ, եթէ քանի մը ժամ առաջ կ'ըսէի՝ առաւօտեան կ'ըսեմ, հիմա վստահ եմ, որ հրաժարական պիտի չտամ: Այս մասին 22 մայիսին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Երեւանի շարժանկարի եւ թատրոնի պետական հիմնարկի նորընտիր տնօրէն Լիլիթ Արզումանեանը.

«Հրաժարական չեմ տալու, քանի որ ես օրէնքի կողմնակիցն եմ, եւ ընտրուել եմ օրինական ճանապարհով: Եթէ նախախարը ինձ յորդորի հրաժարականի մասին, կ'անեմ այն, ինչ՝ կը յուշի նախարարը»,- ըսած է ան:

Իսկ ցոյցի դրդապատճառը, ըսած է, դեռ չէ կրցած հասկնալ, քանի որ իրեն համար այդ ամէնը անակնկալ էր. «Ես չեմ հասկանում, թէ այստեղ ինչ կատարուեց, ամէն ինչ շատ բարդ վիճակում է: 6 ամիս տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար եմ եղել, եւ որեւէ վատ վերաբերմունք չեմ նկատել: Ուսանողների հետ ունեցել եմ շատ ջերմ յարաբերութիւններ, անընդհատ հետեւել եմ փորձերին, ներկայացումներին, նորոգել ենք մի քանի սենեակներ»,- ըսած է տնօրէնը:

Յիշեցնենք, որ երէկ առաւօտէն համալսարանի ուսանողները ցոյց ըրած էին՝ բողոքելով, որ տնօրէնի ընտրութիւնը կայացած է առանց մրցակցութեան։ Ուսանողները ներսէն փակած էին թատրոնի դուռն ու որեւէ մէկուն թոյլ չէին տուած՝ ոչ դուրս գալ շէնքէն, ոչ ալ՝ ներս մտնել: Անոնք այլընտրանք կը պահանջէին՝ ընդգծելով, որ պէտք է տնօրէնի եւս մէկ թեկնածու ըլլայ, ու յաղթէ արժանին:

Նորընտիր տնօրէն Լիլիթ Արզումանեանը ուսանողներուն ըսած էր, որ հրաժարականի մասին կը մտածէ եւ առաւօտեան կ'ըսէ իր որոշումը, սակայն ուսանողները չէին բացած դռները՝ պահանջելով անյապաղ հրաժարական տալ:

Աւելի ուշ, ուսանողները 7 հոգինոց խումբ կազմած են եւ գացած են հանդիպելու Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: