image

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ջահերով երթ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ջահերով երթ

Արդէն 20-րդ տարին ըլլալով, Ապրիլ 23-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միւթեան եւ ՀԵՄ-ի կազմակերպմամբ քաղաքացիները ջահերով երթ իրականացուցին դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Աւանդական երթը մեկնարկած է Թուրքիոյ պետական դրօշը այրելով: Դրօշի կրակէն ալ կը վառուի առաջին ջահը:

Երթը մեկնարկած է «Ազատութեան» հրապարակէն, երիտասարդները անցած են Բաղրամեան պողոտայով, Օրբելի եւ Քիեւեան փողոցներով՝ հասնելով Ծիծեռնակաբերդի բարձունք, ուր ծաղիկներ դրած են 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ նահատակուած անմեղ զոհերու յիշատակին, ապա խոնարհած են դրօշները եւ տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ: