image
Հրատապ լուրեր:

Կառավարութեան որոշմամբ «Մեռելոցի օր»ը աշխատանքային է

Կառավարութեան որոշմամբ «Մեռելոցի օր»ը աշխատանքային է

22 Ապրիլը պիտի ըլլայ աշխատանքային․ տեղեկութիւնը հաստատած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն՝ աւելցնելով, որ գործադիրը պիտի չտեղափոխէ 22-ի աշխատանքային օրը։

21 Ապրիլին կը նշուի Սուրբ Զատկի տօնը, որ 5 տաղաւար տօներէն մէկն է: Անցեալին տօնին յաջորդող օրը՝ Մեռելոց յիշատակի օրը, յայտարարուած է ոչ աշխատանքային։

Աւանդութը մտցուցած էր նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը։ Յետագային Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութիւնը մէկումէջ նման որոշումներ կը կայացնէր, իսկ Կարէն Կարապետեանը կը փորձէր վերացնել Մեռելոցները որպէս ոչ աշխատանքային օր սահմանելու փորձը։ Կարապետեանը քանի մը անգամ յայտարարած է, որ յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ աշխատող ընկերութիւնները խնդիրներու կը բախին, երբ աշխատանքային օրերը կը փոխուին, քանի որ անոնց աշխատանքը փոխկապակցուած է միջազգային ընկերութիւններու հետ։ Ըստ Կարապետեանի՝ նման որոշումները կը խախտեն աշխատանքային բնականոն ռիթմը: