image

Քոչարեան պիտի մնայ կալանքի տակ. Արթուր Դաւթեան

Քոչարեան պիտի մնայ կալանքի տակ. Արթուր Դաւթեան

«Մենք գտել ենք, որ առկայ են օրէնքով նախատեսուած կալանաւորման հիմքերը: Յատկապէս շեշտադրել ենք հնարաւոր ապօրինի ներգործութիւնը, որը եւս դատարանի կողմից հաստատուել է», – նշած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը:

Անոր խօսքով, այդ հիմքերը օրինական են, կը բխին նաեւ Եւրոպական դատարանի որոշումներէն․ – «Ինչքանով որ հնարաւոր է նախաքննութեան ընթացքում վկայի վրայ, օրինակ ներգործութիւն ունենալ տեսականօրէն, այնքանով էլ հնարաւոր է դատաքննութեան փուլում վկայի վրայ ունենալ ապօրինի ներգործութիւն»:

Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները, մինչդեռ, վստահ են, որ պաշտօնաթող նախագահը դատաքննութեան վրայ այլեւս չի կրնար ներգործութիւն ունենալ: Անոնցմէ Արամ Օրբելեանի խօսքով` հիմքեր չկան Քոչարեանը կալանաւորուած պահելու համար, ինչը «դեռ նախաքննութեան ընթացքում է պարզ դարձել». – «Ունենք մի հատ փաստ, որ չորս ամիս լինելով ազատութեան մէջ, չի ազդել, եւ ունենք ենթադրութիւն, որ ինքը ունի ազդեցութիւն, կարող է ազդել: Եւ այս փաստն ու ենթադրութիւնը դնում ենք իրար հետ, ասում ենք՝ չէ, կարող ա ազդի»:

Արթուր Դաւթեանը հակադարձած է. – «Իրաւական մեկնաբանութիւնը դա այնպիսի աքսիոմա (ինքնայայտ ճշմարտութիւն) չէ, որ երբեք փոփոխութեան ենթակայ չէ: Նոյնիսկ եթէ տրուած լինէին որոշակի մեկնաբանութիւններ, կարող են այդ մեկնաբանութիւնները, դիրքորոշումները փոխուել: Էսօր նոյնիսկ մեր Վճռաբեկ դատարանը, որ երաշխաւորն է ու պատասխանատուն է մեր երկրում իրաւական որոշակիութեան ապահովման միատեսակ կիրառման, ինքը պարբերաբար դիրքորոշումներ ու մեկնաբանութիւններ է փոխում»:

Գլխաւոր դատախազը լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է նաեւ Մարտ 1-ի գործով դատապարտուած քաղաքացիներու գործերու վերաբացման։ Անոր խօսքով՝ որոշ գործեր սկսած են վերանայուիլ։ Չէ բացառած, որ Նիկոլ Փաշինեանի գործն ալ կրնայ վերաբացուիլ։ Մարտ 1-ի գործով դատապարտուած Փաշինեանը համաներմամբ 2011-ին ազատ արձակուած էր, թէեւ աւելի երկար պատժաչափի դատապարտուած էր:

«Երբ որ օրէնքի տառին համապատասխան նոր երեւան եկած հանգամանքներով վարոյթներ իրականացնելու անհրաժեշտութիւն տեսնենք, անկախ նրանից՝ ով է նա, կ’իրականացուի», – ըսած է Արթուր Դաւթեանը:

Ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողները Գլխաւոր դատախազէն հետաքրքրուած են՝ արդեօք Գլխաւոր դատախազութեան նկատմամբ նախկին իշխանութիւններու կողմէ ճնշումներ կիրառուած են։ Դաւթեանը պատասխանած է, որ նման բան չէ եղած։ Լրագրողները դատախազին հարցուցած են՝ այդ պարագային ինչո՞ւ 2017 թուականին ԴԱՀԿ նախկին պետ Միհրան Պօղոսեանի դէմ յարուցուած քրէական գործը կարճուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ միայն այս տարի։

«Մենք այնտեղ ունէինք նաեւ դրուագներ յանցագործութեան, որոնք նախկին յարուցուած քրէական գործի շրջանակներում չէն եղել: Այսինքն ունեցանք նոր հանգամանքներ, նոր տեղեկութիւններ, դրանցով յարուցուեց քրէական գործ, եւ այդ քրէական գործի քննութեան ընթացքում ձեռք բերուեցին նոր ի յայտ եկած հանգամանքներ, որոնք առիթ հանդիսացան, որպէսզի ես դրանց հիման վրայ վերացնեմ նախկինում կայացուած որոշումը», – նշած է Դաւթեանը:

Յիշեցնենք, որ Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի շրջանակէն ներս Փանամայի օֆշորային գայթակղութեան առանցքը յայտնուած, Դատական աքթերու նախկին գլխաւոր հարկադիր կատարող Միհրան Պօղոսեանը կը մեղադրուի պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ վատնման եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի իւրացման համար:

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ: Անոր, ինչպէս նաեւ Մարտ 1-ի գործով միւս մեղադրեալներ Արմէն Գէորգեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ Սեյրան Օհանեանի վերաբերեալ գործով նախաքննութիւնը աւարտած է, ըստ փաստաբաններուն, ամենայն հաւանականութեամբ գործը դատարան պիտի ուղարկուի Մայիսի կէսերուն: