image

ՀՀ Նախագահը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» hիմնադրամի ղեկավարութեան առաջարկած է ընդլայնել Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները

ՀՀ Նախագահը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» hիմնադրամի ղեկավարութեան առաջարկած է ընդլայնել Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները

Աշխատանքային այցով Փորթուկալ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, 9 ապրիլին, այցելած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամ։

Նշելով, որ վերջին անգամ այս հաստատութիւն այցելած է 15 տարի առաջ՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Միշտ ալ հաճելի է ու հպարտալի վերադառնալ այս վայր։ Գալուստ Կիւլպէկեանի վաստակն ու բարեսիրական գործունէութիւնը վերածուած են ուսանելի օրինակի ու փորձառութեան»։

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, հիմնադրամի նախագահ Իզապէլ Մոդան ներկայացուցած է հաստատութեան մարդասիրական եւ բարեգործական լայնածաւալ գործունէութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած է հիմնադրամի հայանպաստ աշխատանքն ու մեծ ներդրումը հայապահպանութեան ու հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ։

Հանրապետութեան նախագահը խօսած է հիմնադրամին կողմէ իրականացուող գիտահետազօտական ծրագիրներուն մասին՝ մասնաւորապէս յիշատակելով, որ կառոյցը դեռ խորհրդային տարիներէն կ՝աջակցի Մատենադարանին:

«Կը կարծեմ՝ լաւ գաղափար պիտի ըլլայ, եթէ հիմնադրամը դիտարկէ Մատենադարանը իբրեւ միջազգային նախագիծ: Մատենադարանը, իր հարուստ ֆոնտերով ու գիտական-մասնագիտական հարուստ փորձով, կրնայ դառնալ հին ձեռագրերու պահպանման, վերականգնման, գնահատման, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու վերապատրաստման տարածաշրջանային ու միջազգային կեդրոն»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան՝ առաջարկելով դիտարկել այս ծրագիրը եւ համատեղ քայլեր ձեռնարկել զայն կեանքի կոչելու նպատակով: Նախագահը տեղեկացուցած է նաեւ, որ այս ծրագրին շուրջ քննարկումներ ունեցած է նաեւ UNESCO-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ։

Արմէն Սարգսեան հիմնադրամի ղեկավարութեան առաջարկած է ընդլայնել Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները՝ մեծցնելով նաեւ հիմնադրամին շարունակական աջակցութենէն օգտուող ուսանողներու, գիտնականներու եւ  հետազօտողներու թիւը։

Զրուցակիցները նաեւ մտքեր փոխանակած են համատեղ գիտահետազօտական նախաձեռնութեամբ «Հորիզոն 2020» ծրագրին դիմելու հնարաւորութեան մասին։ Նկատի առնելով, որ տարին յոբելինական է՝ կը նշուի Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակը, նախագահ Արմէն Սարգսեան հիմնադրամի տնօրէնին նուիրած է այդ առիթով կեանքի կոչուած նամականիշներու հաւաքածուն:

Հանրապետութեան նախագահը դիտած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին մէջ բացուած` մեծ հայուն, գործարարին ու բարերարին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը։

Արմէն Սարգսեան այցելած է նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի թանգարան, շրջած է ցուցասրահներով։ Գալուստ Կիւլպէնկեան արուեստի մեծ սիրահար էր եւ այս թանգարանին մէջ ներկայացուած է արուեստի գործերու անոր հարուստ հաւաքածուն՝ նկարներ, քանդակներ, մետաղադրամներ, գիրքեր, կիրառական արուեստի նմուշներ։