image

Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Վիեննայի հանդիպման արդիւնքները

Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Վիեննայի հանդիպման արդիւնքները

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին, Փաշինեանը եւ Փութինը քննարկած են օրեր առաջ Վիեննայի մէջ կայացած՝ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպման արդիւնքները:

 Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող տարբեր հարցերու: Կողմերը կարեւորած են 4 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Հայ-ռուսական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի հերթական նիստը եւ անոր շրջանակէն ներս քննարկուելիք հարցերը: Նշուած է, որ այսօր առկայ են նախադրեալներ՝ հայ-ռուսական երկկողմ առեւտուրի ծաւալներու ընդլայնման համար:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ ԵԱՏՄ շրջանակէն ներս համագործակցութեան եւ ընդելուզման գործընթացներու վերաբերեալ: