image
Հրատապ լուրեր:

Հրդեհ Երեւանի մէջ

Հրդեհ Երեւանի մէջ

30 Մարտին` ժամը 02:44-ին, «911» ծառայութեանը ահազանգ ստացած է, որ Երեւան քաղաքի Մաշտոցի պողոտայի թիւ 45ա շէնքի 2-րդ յարկի բնակարաններէն մէկէն ծուխ նկատուած է:

Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ:

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 03:03-ին, մարուած՝ 03:19-ին:

Մասամբ այրած են 2 համակարգիչ, 2 սեղան, 2 աթոռ, 1 պատուհան, ջերմահարուած` 2 համակարգիչ եւ 3 աթոռ:

Բնակարաններէն մէկուն բնակիչը՝ Մ.Ղ.-ն (1952 ծնունդ), ունեցած է վատ ինքնազգացողութիւն, փրկարարները վերջինիս դուրս բերած են շէնքէն: Շտապօգնութեան աշխատակիցները քաղաքացիին ցուցաբերած են համապատասխան բուժօգնութիւն. հիւանդանոց տեղափոխեու կարիք չէ եղած: