image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդը հրթիռներ նետած է Ակնա շրջանի ուղղութեամբ

Հակառակորդը հրթիռներ նետած է Ակնա շրջանի ուղղութեամբ

13 Մարտին արցախաատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ՝ Ակնայի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական զինուած ուժերը խախտած են հրադադարը։

Այս մասին Tert.am-ին յայտնած ՊԲ մամուլի քարտուղար Սենոր Հասրաթեանը։ Անոր խօսքով՝  հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է՝ կրակելով ականանետէ։

«Հակառակորդը կիրառել է 60մմ ականանետեր՝ արձակելով 9 արկ»,- ըսած է ան։ Հասրաթեան նաեւ նշած է, որ հրադադարի խախտման հետեւանքով Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ուժերը որեւէ կորուստ չեն ունեցած։