image

Բժիշկները կը պայքարին փրկելու համար ծեծի ենթարկուած 33-ամեայ երեւանցիի կեանքը

Բժիշկները կը պայքարին փրկելու համար ծեծի ենթարկուած 33-ամեայ երեւանցիի կեանքը

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով` 16 փետրուարի երեկոյեան արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ՝ «գանկուղեղային վնասուածք» ախտորոշմամբ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է քաղաքացի մը:

Աղբիւրի փոխանցմամբ` ոստիկանները պարզած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուածը Երեւան քաղաքի Էրեբունի վարչական շրջանի Աթոյեան փողոցի բնակիչ, 33-ամեայ Ալպերթ Մարկոսեանն է, որ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ:

Կայքը կը գրէ, որ Ա. Մարկոսեանը ծեծուած յայտնաբերած է մայրը, որ փորձած է տան պայմաններու մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել, սակայն երբ զգացած է, որ վիրաւորի վիճակը կը ծանրանայ, անոր շտապ տեղափոխած են հիւանդանոց:

Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժնի հետաքննչական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին:

Ոստիկանութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ՝ դէպքի հանգամանքները բացայայտելու ուղղութեամբ: