image

Հայաստանի 24 համայնքներու մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններ

Հայաստանի  24 համայնքներու մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններ

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան 24 համայնքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ կ'իրականցուին: 14 համայնքի մէջ ընտրութիւնները հերթական են, 10-ին մէջ՝ արտահերթ:

Ընտրատեղամասերը, սահմանուած կարգի համաձայն, առաւօտեան ժամը 8-ին բացուած են։

Նշուած համայնքներէն 20-ին մէջ պիտի կայանան համայնքի ղեկավարի, 4 համայնքի մէջ` աւագանիի անդամի ընտրութիւններ: 

Սահմանուած ժամկէտին մէջ ընտրութիւններուն որպէս համայնքի ղեկավարի թեկնածու գրանցուած 74 քաղաքացիներէն 9-ը ներկայացուցած է ինքնաբացարկի դիմում:

Աւագանիի անդամի գրանցուած 62 թեկնածուներէն ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է 2-ը:

ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցող համայնքի ղեկավարի բոլոր 65 եւ աւագանիի անդամի 60 թեկնածուները առաջադրուած են ինքնաառաջադրմամբ: