image

Անցնող շաբաթ հակառակորդը արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծին հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ

Անցնող շաբաթ հակառակորդը արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծին հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ

Յունուարի 20-էն 26-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2500 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հիմնական ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: