image

ՀՀ Նախագահը հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամներուն հետ

ՀՀ Նախագահը հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամներուն հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, այսօր հանդիպում մը ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներու հետ:

ՀՀ նախագահի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է ՀՅԴ Բիւրոյի նոր կազմը եւ յաջողութիւններ մաղթած անոնց:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները նախագահին պատմած են օրերս Արցախի մէջ աւարտած Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին, կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրներուն եւ ընելիքներուն մասին: