image

Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը երկու ամիսով երկարաձգուած է

Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը երկու ամիսով երկարաձգուած է

Մարտի 1-ի գործով սահմանադրական կարգը խախտելու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանը եւս երկու ամիս պիտի մնայ բանտը: Դատարանը  բաւարարած է նախկին նախագահի կալանքը երկարաձգելու՝ Յատուկ քննչական ծառայութեան միջնորդութիւնը:

Յիշեցնենք, որ դատարանը քննած է երկու միջնորդութիւն՝ Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչի կողմէն ներկայացուած՝ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ ընտրուած կալանաւորումը եւս երկու ամիս ժամանակով երկարացնելու վերաբերեալ եւ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբի կողմէն ներկայացուած՝ կալանաւորումը այլընտրանքային խափանման միջոց գրաւով փոխարինելու վերաբերեալ:

Քոչարեանի պաշտպան Արամ Օրբելեանը,լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ այս պահուն տրամաբանական չէ նոր գրաւի միջնորդութիւն ներկայացնելը, բայց հարցը պիտի քննարկեն փաստաբանական խումբով։ 

«Յոյսով եմ՝ երկուշաբթի կ'ունենանք որոշումը եւ կ'որոշենք մեր անելիքը»,- ըսած է փաստաբանը։ Անոր գնահատմամբ՝ եթէ երկուշաբթի չստանան որոշումը, այդտեղ միտում կը տեսնեն։

«Դատարանի որոշումից յետոյ, բնականաբար, դեռ չենք տեսակցել Քոչարեանին։ Նրա հետ հանդիպելուց յետոյ կը տեսնենք՝ նա կամ գրասենեակն ունե՞ն յայտարարութիւն»,- ընդգծած է փաստաբանը։

Օրբելեանը ըսած է. «Արգիշտի Կիւիրեանն է յայտարարել, որ Քոչարեանը քաղբանտարկեալ է։ Ես ստուգում չեմ արել, թէ ինչ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ են Քոչարեանին ճանաչում քաղբանտարկեալ»։

«Արդար դատաքննութեան իրաւունքը չի վերականգնուել»,- ըսած է Օրբելեանն ու աւելցուցած,- «Քանի դեռ գործադիրը փորձում է ճնշել դատականին, դա յանգեցնում է մի շարք խնդիրների»։ Ըստ Օրբելեանի, որոշում ընդունելէն  2 օր առաջ միշտ մարդիկ կը յայտնուին  պաստառներուն ու  կ'ըսեն, որ Քոչարեանը պէտք է կալանաւորուի։ Օրբելեանը համոզուած է, որ օր մը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն (ՄԻԵԴ) ներս այս հարցը կը քննարկուի, եւ Եւրոդատարանի վճիռէն ետք կարելի կ'ըլլայ եզրակացութիւններ ընել։ 

Որոշման հրապարակումէն ետք Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած են: