Ինչպէս կը հաղորդէ ShantNews.am-ը, երէկ Արթիկի ծննդատան մէջ լոյս աշխարհ եկած են 2017 թուականի 20 մայիսին Թալիշի մէջ զոհուած Կարէն Սարիբեկի Դանիէլեանի երկուորեակ եղբայրները: 40-ամեայ մայրը՝ Թինա Թորոսեանը, յուզուած ու շփոթուած եղած է: Ուրախութեան եւ տխրութեան արցունքներ խառնուած են իրար: