image

Նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստը պիտի կայանայ 14 յունուարին

Նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստը պիտի կայանայ 14  յունուարին

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը յանձնաժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ տեղեկացուցած է, որ նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը պիտի կայանայ 2019 թուականի 14 յունուարին, ժամը 10:00-ին:

«Ազգային ժողովի 2018 թուականի 9 դեկտեմբերի արտահերթ ընտրութիւններով ընտրուած նորընտիր ԱԺ առաջին նստաշրջանի հրաւիրման օր է յայտարարում 2019 թուականի յունուարի 14-ի երկուշաբթի օրը, ժամը 10:00», - յայտարարած է Մուկուչեանը:

Յանձնաժողովը հաստատած է պատգամաւորներու թեկնածուներու ինքնաբացարկներու դիմումները։ Թիւով ամենաշատ՝ 18 ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած էին «Իմ քայլը» դաշինքի թեկնածուներէն անոնք, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի շարունակեն գործունէութիւնը գործադիրի մէջ:

Օրէնսդիր պիտի չերթան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը, նախարարներ՝ Սուրէն Պապիկեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Յակոբ Արշակեանը, Էրիկ Գրիգորեանը, Ֆելիքս Ցոլակեանը: Մանտաթէն հրաժարած են Կոտայքի, Արարատի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի, Լոռիի, Արագածոտնի մարզպետները: Ինքնաբացարկի դիմումներ ներկայացուցած են նաեւ Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանը, Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը եւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաճանեանը:

Ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է Լուսաւոր Հայաստանի թեկնածուներէն երկուքը: ԲՀԿ-էն ոչ մէկ դիմում եղած է:

Մինչեւ նորընտիր ԱԺ-ի առաջին նիստը՝ 10 յունուարին կը նախատեսուի ընտրուած պատգամաւորներու մանտաթներու յանձման արարողութիւնը: Այն պիտի իրականացուի օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ:

ԱԺ-ի մէջ մեծամասնութիւն պիտի կազմէ «Իմ քայլը» դաշինքը, որ պիտի ունենայ 88 պատգամաւոր, երկրորդը պիտի ըլլայ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ իր 26 պատգամաւորներով: Խորհրդարանական երրորդ եւ ինքզինք ընդդիմադիր հռչակած ուժը «Լուսաւոր Հայաստան»ն է, որ պիտի ունենայ 18 պատգամաւոր:

Ըստ Սահմանադրութեան, նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք Հանրապետութեան նախագահը անյապաղ վարչապետ պիտի նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուին: