image
Հրատապ լուրեր:

Անցնող շաբաթ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 150 անգամ

Անցնող շաբաթ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 150 անգամ

Դեկտեմբերի 23-էն 29-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 150 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 1500 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: