image

Արցախի մէջ զինծառայող մը վիրաւորուած է

Արցախի մէջ զինծառայող մը վիրաւորուած է

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, 16 դեկտեմբերին, ժամը 15:50-ի սահմաններուն, հրազէնով վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Ռաֆիկ Յակոբի Վահանեանը:

Ըստ նախնական տուեալներու՝ զինծառայող Ռաֆիկ Վահանեանի աչքը վնասուած է ազդանշանային հրթիռէ:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի ՊԲ-էն:

«Վիրաւորուած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի միջին ծանր: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն»,- նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ: