image

Պաշար Ասատ ընդունած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպանի հաւատարմագրերը

Պաշար Ասատ ընդունած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպանի հաւատարմագրերը

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ ընդունած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեանի հաւատարմագրերը: Այս մասին կը յայտնէ «Սանա» գործակալութիւնը:

Կը նշուի, որ Պաշար Ասատ ընդունած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի եւ Վենեզուելայի նորանշանակ դեսպաններու հաւատարմագրերը,  զրոյց ունեցած է դեսպաններուն հետ եւ անոնց յաջողութիւն մաղթած է իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու գործին մէջ:

Դեսպաններու ընդունելութիւնը կազմակերպուած է ընդունուած արարողակարգերուն համապատասխան: