image

«Իմ քայլը» 69,4 տոկոս, ԲՀԿ-ն՝ 5,7 տոկոս, «Լուսաւոր Հայաստանը»՝ 3,8 տոկոս. Gallup-ի հարցումը

«Իմ քայլը» 69,4 տոկոս, ԲՀԿ-ն՝ 5,7 տոկոս, «Լուսաւոր Հայաստանը»՝ 3,8 տոկոս. Gallup-ի հարցումը

«GALLUP International association»-ի Հայաստանի մէջ անդամ Էմ MPG ՍՊԸ-Ի տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը ասուլիսի ժամանակ ներկայացուցած է «Նախընտրական ճեպընթաց` վերջին կանգառ» խորագրով ուսումնասիրութեան արդիւնքները:

Հարցին, թէ որ կուսակցութեան կամ դաշինքի օգտին կը պատրաստուիք տալ ձեր ձայնը, հարցախոյզի մասնակցողները տուած են հետեւեալ պատասխանները.

«Իմ քայլը» - 69,4 տոկոս

ԲՀԿ – 5,7 տոկոս

«Լուսաւոր Հայաստան» - 3,8 տոկոս

«Սասնայ ծռեր» - 1,4 տոկոս

ՀՀԿ – 1,3 տոկոս

ՀՅԴ – 1,2 տոկոս

«Մենք» դաշինք – 0,8 տոկոս

ՕԵԿ – 0,4 տոկոս

«Քաղաքացու որոշում» ՍԴ կուսակցութիւն – 0,3 տոկոս

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն – 0,1 տոկոս

«Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւն – 0,0 տոկոս,

Հրաժարած են պատասխանել – 8,7 տոկոս

Դժուարացած են պատասխանել – 7 տոկոս:

Արամ Նաւասարդեանի խօսքով՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման մասին տեղեակ են պատասխանողներու 99.5%, իսկ 91,4 տոկոսը տեղեակ եղած է նաեւ, թէ որ օրը պիտի ըլլայ ընտրութիւնը:

Քաղաքացիներու 66,8 տոկոսը նշած է, որ կը հետեւի քարոզարշաւին, իսկ 33,2 տոկոսը չի հետեւիր:

Հարցին, թէ պիտի մասնակցի՞ք ընտրութիւններուն, 75,5 տոկոսը նշած է, որ միանշանակ պիտի մասնակցի: «Հաւանական է, որ մասնակցիմ» պատասխանը տուած է պատասխանողներու 14,6 տոկոսը, «հաւանական է չմասնակցիմ» տարբերակը ընտրած է 2,7 տոկոսը եւ հաստատ պիտի չմասնակցի 5,7 տոկոսը: «Մեր կանխատեսումներով շուրջ 75 տոկոսը կը մասնակցի ընտրութիւններուն»,-ըսած է Նաւասարդեանը:

Նշենք, որ հարցախոյզը իրականացուած է 1-4 դեկտեմբերին, մասնակցած է 1100 քաղաքացի: Սխալմունքը 3 տոկոսի սահմաններու մէջ է: Հարցումները տրուած են դէմ առ դէմ սկզբունքով: